Այսօր` Պիպլոս – Ռիատի

PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, նախանցեալ օր Տիք Մըհտիի մէջ, Շանվիլ, որ հիւրընկալեց Մութթահետը, արձանագրեց 93 – 76 արդիւնքով յաղթանակ մը (19 – 20, 26 – 17, 27 – 23 եւ 21 – 16):
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մութթահետէն Մարվել Հերիս (34), մինչ անոր խմբակից Թրեւիս Ֆրանքլին, նշանակեց 18 կէտ:
Շանվիլէն Ֆետի Խաթիպ նշանակեց 25 կէտ, մինչ Ահմետ Իպրահիմ` 17:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Շանվիլ ժամանակաւորապէս գրաւեց պարագլուխի դիրքը` սպասելով այսօր տեղի ունենալիք Պիպլոս-Ռիատի մրցումին, որ պիտի սկսի ժամը 20:30-ին, Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ժիպէյլ):
Այս հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ Պէյրութ, որ Շիահի մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Աթլասը, արձանագրեց 97 – 72 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ալի Հայտար նշանակեց 21 կէտ, մինչ Պէյրութի անոր խմբակից Քրիս Քրոֆորտ` 19 կէտ:
Աթլասէն Տերիըն Թաունզ նշանակեց 19 կէտ եւ 16 ռիպաունտ, իսկ Ղասսան Նաամէ` 17 կէտ: