Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ Էլ Տիպ) տեղի ունեցաւ տղոց 12 տարեկանէն վար (2007-2008-ի ծնունդ) պասքեթպոլի ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիի, ֆետերասիոնի այլ անդամներու, ախոյեանութեան մասնակցող ակումբներու ներկայացուցիչներուն եւ մարզական լրագրողներու:
Հալապի նշեց, որ 10 տարեկանէն վար ախոյեանութեան յաջողութենէն ետք, այժմ կարգը հասած է 12 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, որուն պիտի յաջորդեն նաեւ այլ տարիքային ախոյեանութիւններ:
Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող 37 խումբերը բաժնուեցան 8 խմբակի: Մրցումները պիտի սկսին այս շաբաթավերջին եւ անոնք պիտի աւարտին առաւելագոյնը երկու ամիս ետք: