«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող Միլուոքի Պաքսի մարզադաշտը, ուր խումբը իր դաշտին մրցումները կը կատարէր 30 տարիէ ի վեր, այժմ գոյութիւն չունի, որովհետեւ որոշուեցաւ, որ մարզադաշտը, որ կը կրէ «Պրետլի Սենթըր» անունը, պէտք է պայթեցուի, որովհետեւ անիկա որեւէ ժամանակ ենթակայ էր փլուզումի:
Արդէն իսկ Միլուոքի այս տարեշրջանին իր դաշտին վրայ կատարելիք մրցումները կը կայացնէր այլ վայրի մէջ:
Ցարդ անորոշ է, որ այդ քանդուած մարզադաշտին տեղը ի՛նչ պիտի կառուցուի: