«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցան վեց ճակատումներ:
Հիուսթըն Ռոքեթց, որ հիւրընկալեց Մեմֆիս Կրիզլիզը, արձանագրեց 112-94 արդիւնքով յաղթանակ մը:

Այս մրցումը եղաւ իւրայատուկ եւ անմոռանալի Ռոքեթցին մաս կազմող Ճէյմս Հարտենի համար, ոչ թէ անոր համար, որ ան նշանակեց 57 կէտ, այլ որովհետեւ ան յաջորդաբար 17-րդ մրցումն ըլլալով նշանակելով 30-է աւելի կէտ, գերազանցեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզի անուանի մարզիկ Քոպի Պրայընթը, որ 2003-ին նման արդիւնքի հասած էր յաջորդական 16 մրցումներու ընթացքին:
29 տարեկան Հարտեն կրկնեց Էլճին Պէյլորի եւ Ուիլթ Չեմպըրլէյնի հաստատած մրցանիշները:
Նիւ Օրլինզին մաս կազմող Անթոնի Տէյվիս Լոս Անճելըս Քլիփըրզի դէմ արձանագրուած յաղթանակին ընթացքին (121-117) նշանակեց 46 կէտ:
Թէեւ Տեմիըն Լիլարտ նշանակեց 35 կէտ, բայց անոր կազմը` Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ, 115-107 արդիւնքով պարտուեցաւ Սաքրամենթօ Քինկզի դաշտին վրայ:


