Անգլիական Սաութենտ Եունայթըտի յառաջապահ Չարլի Քելմըն, դաշտին կեդրոնէն կոլ մը նշանակեց արհեստավարժ ֆութպոլի նորամուտի իր մրցումին:
Փլայմաութի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (Գ. դասակարգ), 17 տարեկան անգլիացին, որ դաշտ ներկայացաւ 71-րդ վայրկեանին, 20 վայրկեան ետք նշանակեց իր կոլը: Սակայն անոր կազմը, կրեց 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը:



