
Շաբաթ, 12 յունուարին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական մրցումը:
Քըպայէթ հանդիսացաւ ախոյեան` 69 – 61 արդիւնքով յաղթելէ ետք Էներժիի:
Աւարտին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի բաժակը յանձնեց յաղթական խումբին` ներկայութեամբ երեսփոխան Հատի Հըպէյշի եւ ֆետերասիոնի այլ անդամներու:
Օրուան իրաւարարներն էին` Թոնի Խուրի, Ճենիֆըր Ամուրի եւ Ռոժէ Օպէյտ:
Քըպայէթ եւ Էներժի, ինչպէս նաեւ Մաժըտ Պըզըպտին, Շեպիպեթ Զղարթա եւ Ժեզզին բարձրացան Գ. դասակարգ, մինչ Ներքին ապահովութեան ուժերու խումբը եւ Ամշիթ փլէյ-օֆի մրցում պիտի կատարեն: