Նախորդ շաբաթավերջին Պայէրն Միւնիխի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի քառանդամ միօրեայ մրցաշարք մը` «Թելեքոմ քափ» անունին տակ: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ֆորթունա Տիւսելտոլֆ, Հերթա Պերլին, Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ եւ Պայէրն Միւնիխ:
Իւրաքանչիւր մրցումի տեւողութիւնը եղաւ 45 վայրկեան, հաւասարութեան պարագային ուղղակի դիմուեցաւ փենալթիներու:
Կիսաւարտականին Պայէրն Միւնիխ փենալթիներով յաղթեց Տիւսելտոլֆին:
Իսկ աւարտականին Նիքօ Քովաչի կազմը` Պայէրն Միւնիխ, դարձեալ փենալթիներով յաղթեց Մէօնշընկլատպախին` դառնալով տիտղոսակիր:



