Պրազիլցի ֆութպոլի աստղ Փելէ բարձր գնահատական տուաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ աշխարհի ախոյեան Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քիլիան Մպափէի ներկայացումներուն մասին:
«Մպափէն աշխարհի ախոյեան հանդիսացաւ 19 տարեկանին, իսկ ես այդ իրագործումը կատարած եմ 17 տարեկանիս: Բայց եւ այնպէս, ան ինծի հաւասար կը նկատուի:
«Ես կը կարծեմ, որ ան նոր Փելէ մը կրնայ դառնալ: Շատեր կը կարծեն, որ ասիկա ես կատակով կ՛ըսեմ: Բայց իրականութեան մէջ ես չեմ կատակեր», ըսաւ Փելէ:
Յայտնենք, որ 2018-ի մոնտիալին Մպափէ դարձաւ նաեւ ախոյեանութեան լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստը: