Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.».  Ռոքեթց Պարտուեցաւ Իր Դաշտին Վրայ` Հակառակ Հարտենի Նշանակած 58 Կէտին

«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթց Պարտուեցաւ Իր Դաշտին Վրայ` Հակառակ Հարտենի Նշանակած 58 Կէտին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած ութ ճակատումներէն երկուքը աւարտեցան երկարաձգումէն ետք: Անոնցմէ մէկուն ընթացքին, Հիուսթըն Ռոքեթց իր դաշտին վրայ երկարաձգումէն ետք պարտուեցաւ Պրուքլին Նեթցէն` 145-142 արդիւնքով: Ճէյմս Հարտեն (թիւ 13)` երէկուան մրցումին Հակառակ անոր որ Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 58 կէտ, բայց անոր կազմը կրեց տարեշրջանի իր 19-րդ պարտութիւնը` 25 յաղթանակներու կողքին: Ան այսպիսով դարձաւ 2-րդ...

«Պունտըսլիկա». Այսօր` Հոֆընհայմ – Պայէրն Միւնիխ 18-րդ Հանգրուանի Բացման Մրցումը

Երեք շաբթուան ձմեռնային դադարէ մը ետք, այսօր` ուրբաթ, 18 յունուարին կը վերսկսի Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը` «Պունտըսլիկա»-ն: 18-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխ, որ այժմ կը գրաւէ դասաւորման 2-րդ դիրքը` 6 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքը գրաւող Պորուսիա Տորթմունտէն, հիւրը պիտի ըլլայ Հոֆընհայմի (7-րդ): Մնացեալ մրցումները պիտի շարունակուին շաբաթավերջին:

«Ֆութպոլ Լիքս»-ի Հիմնադիրը Ձերբակալուեցաւ Հունգարիոյ Մէջ

Միջազգային մարզական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Հունգարիոյ մէջ ձերբակալուեցաւ հանրածանօթ հեքըրը, որ կը նկատուի «Ֆութպոլ Լիքս»-ի հիմնադիրը: 30 տարեկան փորթուգալցի Ռունի Փինթու անմիջապէս Պուտափեշթէն պիտի տեղափոխուի Փորթուգալ, ուր տեղի պիտի ունենայ անոր դատավարութիւնը: Անոր կը սպառնայ մինչեւ տասը տարուան բանտարկութիւն: Կը կարծուի, եւ տուեալները ատիկա ցոյց կու տան, որ ան գողցած է Պենֆիքայի ելեկտրոնային փաստաթուղթերը: Ան կ՛ամբաստանուի նաեւ այլ արարքներով: Ան...

Եուվենթուս` Իտալիոյ Գերբաժակակիր

Եուվենթուս` Իտալիոյ Գերբաժակակիր

Ժետտայի մէջ (Սէուտական Արաբիա) Իտալիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցած Եուվենթուս - Ա. Սէ. Միլան մրցումը աւարտեցաւ Իտալիոյ գործող ախոյեան Եուվենթուսի յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (61-րդ): Ա. Սէ. Միլան մրցումին վերջին քսան վայրկեանը շարունակեց տասը մարզիկով, երբ միջնապահ Ֆրանք Քեսիէ (Փղոսկրեայ Ափունք) կարմիր քարտ մը ստացաւ (73-րդ): Եուվենթուս, որ այսպիսով այս տիտղոսին կը տիրանայ...

Պենզեմա Վիրաբուժութեան Պիտի Ենթարկուի

«Մարքա» կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա, որ 20 յունուարին վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուի, շուրջ 2 շաբաթ պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: Ան վիրաւորուեցաւ Ռէալ Պեթիսի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի մրցումին: Ֆրանսացի 31 տարեկան յառաջապահը «Լա լիկա»-ի 19 մրցումներուն ընթացքին ցարդ նշանակած է 7 կոլ եւ կատարած 2 էսիսթ: Ռէալ Մատրիտի հետ անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Մութթահետ – Պէյրութ Մրցումով Կը Սկսի 11-րդ Հանգրուանը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, ուրբաթ, 18 յունուարին, Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ժիպէյլ), Պիպլոս կը հիւրընկալէ Պէյրութը: Մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին: Այս հանգրուանին Աթլաս մրցում չունի կատարելիք: Ստորեւ` 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը. ՈՒՐԲԱԹ, 18 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Մութթահետ - Պէյրութ 18:00 Թրիփոլի ՇԱԲԱԹ, 19 ՅՈՒՆՈՒԱՐ Ռիատի - Հուփս 17:00 Մանարա ԿԻՐԱԿԻ,...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Շաբաթ, 19 Յունուարին` Մինի Ֆութպոլի Մրցումները

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի ֆութպոլի առաջին հանգրուանի մրցումները պիտի սկսին այս շաբաթ, 19 յունուար 2019-ին,Պուրճ Համուտի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ` հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ. 14:00 Մեծ Մեսրոպեան ընդդէմ Հայ աւետարանական քոլեճ 14:00 Փոքր Ազգային միացեալ վարժարան ընդդէմ Սբ. Ագնէս 15:00 Միջակ Մեսրոպեան ընդդէմ Ազգային միացեալ վարժարան 15:00 Միջակ Ճեմարան ընդդէմ Ազգային Յառաջ- Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան 16:00...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ժատ Հաժ Չուզեց Շարունակել Իր Պաշտօնը Լիբանանի 16 Տարեկանէն Վար Տղոց Ազգային Խումբին Հետ

Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբերու յանձնախումբի նախագահ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ Ղազի Պուսթանի յայտարարեց, որ Լիբանանի 16 տարեկանէն վար տղոց ազգային խումբի մարզիչ Ժատ Հաժ չ՛ուզեր շարունակել իր պաշտօնը` նկատի ունենալով, որ միեւնոյն ժամանակ ըլլալով Հուփսի մարզիչը, չի փափաքիր որեւէ կողմի վնաս հասցնել: Ֆետերասիոնը իր ժողովին պիտի քննարկէ այս հարցը:

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. 3 Ակումբներ Մէկական Միլիոն Լիբանանեան Ոսկիով Տուգանուեցան

Իր գումարած հերթական ժողովին, որ տեղի ունեցաւ շաբաթասկիզբին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց այն մրցումներուն արդիւնքները, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին (Գ. դասակարգ, կրտսերներու ախոյեանութիւն, ֆութսալ, եւ այլն): Կրտսերներու ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ` ՀՄԸՄ, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, 5-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Շապապ Ղազիէէն: Ինչ կը վերաբերի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանին, Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄՄ,...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  Խաչանով, Ֆետերեր Եւ Նատալ Ապահովեցին Գ. Հանգրուանին Իրենց Տոմսը

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Խաչանով, Ֆետերեր Եւ Նատալ Ապահովեցին Գ. Հանգրուանին Իրենց Տոմսը

Երէկ Մելպուրնի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող տարուան առաջին` Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքին երրորդ օրը կատարուեցան Բ. հանգրուանի բազմաթիւ մրցումներ: Կարէն Խաչանով Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող աշխարհի դասաւորման մէջ 11-րդ դիրքին վրայ գտնուող ռուսահայ Կարէն Խաչանով (10-րդ` այս մրցաշարքին), հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց ճափոնցի Եոշիհիթօ Նիշիոքայի դէմ, 6-3, 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով, մրցումը տեւեց` 2 ժամ 3 վայրկեան: Գ....

Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն. Փաշիկեան Եւ Գէորգեան Առաջին` 4-րդ Հանգրուանի Մրցումներէն Ետք

Արման Փաշիկեան Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Հայաստանի ճատրակի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանէն ետք, տղոց պարագային, դասաւորման առաջին դիրքը 3,5 կէտով կը գրաւէ Արման Փաշիկեան, որ այս հանգրուանին յաղթեց Ռոպերթ Յովհաննիսեանին: Այս հանգրուանին, Տիգրան Լ. Պետրոսեան, պարտութիւն մը կրեց Արամ Յակոբեանէն: Պետրոսեան եւ Զաւէն Անդրիասեան, այժմ մէկական կէտով ետ են Փաշիկեանէն: Աղջկանց պարագային, առաջին դիրքին վրայ է Մարիա Գէորգեան, որ իր կարգին...

Հայկական Ֆութպոլ. 27 Տարեկան Էլյազեան Լքեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականին նախկին բերդապահ` Գոռ Էլյազեան աւարտեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: Նախորդ շաբաթավերջին, 27 տարեկան բերդապահը հեռացած էր Վանաձորի Լոռիէն, որուն հետ հանդէս կու գար յուլիս 2017-էն: Հայկական լրատու աղբիւրներ երէկ յայտնեցին, որ ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին մաս կազմած է նաեւ Բանանցի, Իմփուլսի, Միքայի, Շիրակի, Կոտայքի եւ Արարատի:  

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզ Յաղթեց. Քարի Նշանակեց 31 Կէտ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան վեց ճակատումներ: Գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր 30-րդ յաղթանակը, 31 կէտի տարբերութեամբ` 142-111 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Տենվըր Նակեթցը, անոր իսկ դաշտին վրայ: Այսպիսով, Տենվըրը պարտութեան մատնելով, Ուորիըրզ անկէ խլեց արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 31 կէտ: Միլուոքի Պաքս 124-86 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին`...

Այս Տարեշրջանի Աւարտէն Ետք. Փիթըր Չեխ Պիտի Լքէ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարելով լոնտոնեան Արսենալի բերդապահ Փիթըր Չեխ ըսաւ, թէ այս տարեշրջանի աւարտէն ետք պիտի լքէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: Չեխիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ անոր շապիկը ամէնէն շատ կրած բերդապահը (124 անգամ) այսպիսով կ՛ամբողջացնէ իր արհեստավարժ ասպարէզին 20-րդ մրցաշարքը: Ան 2015-էն ի վեր մաս կը կազմէ Արսենալին, որմէ առաջ 11 տարի ելոյթ ունեցած է Չելսիէն: Ան մաս կազմած...

Պարսելոնան` Կէս Միլիառ Եւրոյէն Աւելի Աշխատավարձ Վճարող Միակ Ակումբը

Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնա 2018 տարուան ընթացքին իր ֆութպոլիստներուն վճարած է 562 միլիոն եւրոյի ընդհանուր աշխատավարձ: «ԱՍ» կը հաղորդէ, որ նախորդ տարուան համեմատ, քաթալոնական ակումբին ծախսը, աշխատավարձքի գծով, աւելցած է 42 առ հարիւրով: Պարսելոնա աշխարհի առաջին եւ միակ ակումբն է, որ այդքան գումար կը վճարէ աշխատավարձքի համար: Այդ ոճին պատճառներն են պրազիլցի միջնապահ Ֆիլիփ Քութինիոյի եւ ֆրանսացի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէի տեղափոխութիւնը,...

Չինական Ակումբը Գնեց Պարսելոնայի Ֆութպոլիստին Փոխանցման Իրաւունքը

Չինական Կուանկզու Էվըրկրանտ գնեց Պարսելոնայի միջնապահ Փաուլինիոյի փոխանցման իրաւունքը, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը: Ոչ պաշտօնական տուեալներով, գործարքը կազմեց 50 միլիոն եւրօ: Ատկէ առաջ սակայն պրազիլցի ֆութպոլիստը վարձավճարով փոխ տրուած էր Կուանկզուին: 2017-2018 տարեշրջանին ան մաս կը կազմէր Պարսելոնային, որուն հետ ելոյթ ունեցաւ «Լա լիկա»-ի մրցումներուն: 2018-ի ամրան ան վերադարձաւ Կուանկզու: Քաթալոնական ակումբը զայն ձեռք ձգած էր 40 միլիոն եւրոյով:  

Քասլիքի Ս. Հոգի Համալսարանին Դպրոցական Ախոյեանութիւնը Կը Շարունակուի

«Սփորթց Մանիա» ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին դպրոցական ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ բաւական մեծ հետաքրքրութեամբ` մասնակցութեամբ 25 վարժարաններու: Նախորդ շաբաթավերջին բաւական հետաքրքրական ձեւով շարունակուեցան պասքեթպոլի, ինչպէս նաեւ տղոց եւ աղջկանց ֆութպոլի մրցումները: Վերոնշեալ մարզախաղերուն զուգահեռ, յայտագիրին վրայ կը գտնուին նաեւ փինկ փոնկի եւ պետմինթընի մրցումները:

Գաբրիէլ Սարգսեան. «Նոր Իշխանութիւնը Կը Փորձէ Փակել Աշխարհի Լաւագոյն Դպրոցներէն Մէկը»

Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականի անդամ, համաշխարհային ողիմպիականի եռակի ախոյեան, կրանտմասթըր Գաբրիէլ Սարգսեան մեծ զարմանք յայտնեց, թէ ինչո՞ւ երկրին նոր իշխանութիւնը որոշեց իր եւ Լեւոն Արոնեանի ճատրակի դպրոցին ֆինանսաւորումը դադրեցնել: «Սերժ Սարգսեան կը շարունակէ մնալ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին նախագահը եւ, իմ կարծիքով, ան երկար տարիներ պիտի մնայ իր պաշտօնին վրայ: Չեմ կրնար հասկնալ, թէ ինչո՞ւ համար այդ մէկը կատարուեցաւ մեզի դէմ:...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  Աշխարհի Թիւ 1 Դասուած Մարզիկները Իրենց Մրցումներուն Սկսան Յաղթանակով

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Աշխարհի Թիւ 1 Դասուած Մարզիկները Իրենց Մրցումներուն Սկսան Յաղթանակով

Մելպուրնի մէջ տեղի ունեցող Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ` երեքշաբթի, 15 յունուարին կատարուեցաւ Ա. հանգրուանի մրցումներուն երկրորդ բաժինը: Աշխարհի թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ մրցաշարքը սկսաւ յաղթանակով, 2 ժամ 5 վայրկեան տեւած իր մրցումին 6-3, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք ամերիկացի Միչել Քրուկըրին: Բ. հանգրուանին ան իրեն մրցակից պիտի ունենայ ֆրանսացի Ճօ-Ուիլֆրիտ Ցոնկան: Իր...

Հայ Ֆութպոլիստը Շուէտական Խումբին Հետ Մրցում Պիտի Կատարէ Կօշիկներով, Որոնց Վրայ Պատկերուած Է Եռագոյնը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ շուէտական Կէօթըպըրկի յետսապահ Անտրէ Քալիսիր ներկայացուց իր նոր խաղակօշիկները, որոնց վրայ պատկերուած է հայոց եռագոյն դրօշակը: Վնասուածքի պատճառով նախորդ հոկտեմբերէն ի վեր ֆութպոլի դաշտերէն բացակայած 28 տարեկան հայ ֆութպոլիստը այժմ վերսկսած է իր փորձերուն: Ան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ իր նորամուտը նշեց նախորդ տարի` մասնակցելով երեք մրցումի: Իսկ Կէօթըպըրկի հետ ան Շուէտի ֆութպոլի ախոյեանութեան...

Page 746 of 1278 1 … 745 746 747 … 1,278

Արխիւներ