«Սփորթց Մանիա» ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին դպրոցական ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ բաւական մեծ հետաքրքրութեամբ` մասնակցութեամբ 25 վարժարաններու:
Նախորդ շաբաթավերջին բաւական հետաքրքրական ձեւով շարունակուեցան պասքեթպոլի, ինչպէս նաեւ տղոց եւ աղջկանց ֆութպոլի մրցումները:
Վերոնշեալ մարզախաղերուն զուգահեռ, յայտագիրին վրայ կը գտնուին նաեւ փինկ փոնկի եւ պետմինթընի մրցումները:
 
			


