«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան վեց ճակատումներ:
Գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր 30-րդ յաղթանակը, 31 կէտի տարբերութեամբ` 142-111 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Տենվըր Նակեթցը, անոր իսկ դաշտին վրայ:
Այսպիսով, Տենվըրը պարտութեան մատնելով, Ուորիըրզ անկէ խլեց արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքը:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 31 կէտ:
Միլուոքի Պաքս 124-86 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Մայեմի Հիթին:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճիաննիս Անթեթոքունմքօ, թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (12 կէտ, 10 ռիպաունտ, 10 էսիսթ):
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
| Ինտիանա Փէյսըրզ – Ֆէոնիքս Սանզ | 131-97 |
| Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ | 149-107 |
| Աթլանթա Հոքս – Օքլահոմա Սիթի | 142-126 |
| Միլուոքի Պաքս – Մայեմի Հիթ | 124-86 |
| Տենվըր Նակեթց – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ | 111-142 |
| Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Շիքակօ Պուլզ | 107-100 |
Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Օրլանտօ Մեճիք
Պոսթըն Սելթիքս – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Հիուսթըն Ռոքեթց – Պրուքլին Նեթց
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Միլուոքի Պաքս
Տալաս Մավըրիքս – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Նիւ Օրլինզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Եութա Ճեզ



