Պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարելով լոնտոնեան Արսենալի բերդապահ Փիթըր Չեխ ըսաւ, թէ այս տարեշրջանի աւարտէն ետք պիտի լքէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Չեխիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ անոր շապիկը ամէնէն շատ կրած բերդապահը (124 անգամ) այսպիսով կ՛ամբողջացնէ իր արհեստավարժ ասպարէզին 20-րդ մրցաշարքը:
Ան 2015-էն ի վեր մաս կը կազմէ Արսենալին, որմէ առաջ 11 տարի ելոյթ ունեցած է Չելսիէն:
Ան մաս կազմած է նաեւ չեխական եւ ֆրանսական ակումբներու:



