Իր գումարած հերթական ժողովին, որ տեղի ունեցաւ շաբաթասկիզբին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց այն մրցումներուն արդիւնքները, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին (Գ. դասակարգ, կրտսերներու ախոյեանութիւն, ֆութսալ, եւ այլն):
Կրտսերներու ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ` ՀՄԸՄ, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, 5-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Շապապ Ղազիէէն:
Ինչ կը վերաբերի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանին, Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄՄ, 2-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Շարքէն:
Ֆետերասիոնի նշեալ ժողովին, տուգանքներու կողքին սահմանուեցան նաեւ կախակայումներ:
ՀՄՄ-ի պատասխանատուներէն Անդրանիկ Չերփեճեան վեց ամիսով կախակայուեցաւ, ըստ ֆետերասիոնի ներքին կանոնագրի 3-էն 4-րդ յօդուածին: Անոր պատիժը կ՛աւարտի 17 յուլիս 2019-ին:
Իթթիհատ Հարեթ Նաամէի մարզիկներէն Պասեմ Ֆաղուր` երեք մրցումով կախակայուեցաւ:
Չորսական մրցումով կախակայուեցան Եահիա Ալուան (Ռիատա Ուալ Ատապ) եւ Մոհամետ Սապպետտին (Զամալեք Պէյրութ):
Կրտսերներու ախոյեանութեան գծով, Աթլեթիքօ 3-0 արդիւնքով պարտուած հռչակուեցաւ` նկատի ունենալով, որ Թատամոն Սուրի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, անիկա դաշտ ներկայացուց, իր տոմարներուն վրայ չստորագրած մարզիկ մը (Մարիօ Ասաատ Պու Զախիմ):
Բացի ատկէ, խումբը մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ:
Ատապ Ուալ Ռիատա Քաֆարշիմայի (կրտսերներ) մարզիկներէն` Ռալֆ Սայաահ երեք մրցումով կախակայուեցաւ:
Ֆութսալի ախոյեանութեան մասնակցող Հըրրիէ Սայտա (Ա. դասակարգ), նոյնպէս 3-0 արդիւնքով պարտուած հռչակուեցաւ եւ մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկիով տուգանուեցաւ, որովհետեւ Շուէյֆաթի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, դաշտ ներկայացուց իր տոմարներուն վրայ չստորագրած մարզիկ մը (Ահմետ Ֆարհաթ):
Նոյն պատճառով պարտուած հռչակուեցաւ եւ նոյնքան տուգանքի ենթարկուեցաւ Շատրա Ռիատի (Ֆութսալ, Գ. դասակարգ)` նկատի ունենալով, որ Քալաաթ Թըպնինի դէմ դաշտ ներկայացուց կախակայուած մարզիկ մը (Զիատ Աֆֆան):


