Երեք շաբթուան ձմեռնային դադարէ մը ետք, այսօր` ուրբաթ, 18 յունուարին կը վերսկսի Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը` «Պունտըսլիկա»-ն:
18-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխ, որ այժմ կը գրաւէ դասաւորման 2-րդ դիրքը` 6 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքը գրաւող Պորուսիա Տորթմունտէն, հիւրը պիտի ըլլայ Հոֆընհայմի (7-րդ):
Մնացեալ մրցումները պիտի շարունակուին շաբաթավերջին:



