Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբերու յանձնախումբի նախագահ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ Ղազի Պուսթանի յայտարարեց, որ Լիբանանի 16 տարեկանէն վար տղոց ազգային խումբի մարզիչ Ժատ Հաժ չ՛ուզեր շարունակել իր պաշտօնը` նկատի ունենալով, որ միեւնոյն ժամանակ ըլլալով Հուփսի մարզիչը, չի փափաքիր որեւէ կողմի վնաս հասցնել:
Ֆետերասիոնը իր ժողովին պիտի քննարկէ այս հարցը:



