
Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Հայաստանի ճատրակի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանէն ետք, տղոց պարագային, դասաւորման առաջին դիրքը 3,5 կէտով կը գրաւէ Արման Փաշիկեան, որ այս հանգրուանին յաղթեց Ռոպերթ Յովհաննիսեանին:
Այս հանգրուանին, Տիգրան Լ. Պետրոսեան, պարտութիւն մը կրեց Արամ Յակոբեանէն:
Պետրոսեան եւ Զաւէն Անդրիասեան, այժմ մէկական կէտով ետ են Փաշիկեանէն:
Աղջկանց պարագային, առաջին դիրքին վրայ է Մարիա Գէորգեան, որ իր կարգին ապահոված է 3,5 կէտ: Այս հանգրուանին, ան հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սիրանուշ Ղուկասեանի հետ:
Երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող չորս ուրիշներ, ապահոված են 2,5-ական կէտ:


