«Մարքա» կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա, որ 20 յունուարին վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուի, շուրջ 2 շաբաթ պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Ան վիրաւորուեցաւ Ռէալ Պեթիսի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի մրցումին:
Ֆրանսացի 31 տարեկան յառաջապահը «Լա լիկա»-ի 19 մրցումներուն ընթացքին ցարդ նշանակած է 7 կոլ եւ կատարած 2 էսիսթ:
Ռէալ Մատրիտի հետ անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2021:



