Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնա 2018 տարուան ընթացքին իր ֆութպոլիստներուն վճարած է 562 միլիոն եւրոյի ընդհանուր աշխատավարձ:
«ԱՍ» կը հաղորդէ, որ նախորդ տարուան համեմատ, քաթալոնական ակումբին ծախսը, աշխատավարձքի գծով, աւելցած է 42 առ հարիւրով:
Պարսելոնա աշխարհի առաջին եւ միակ ակումբն է, որ այդքան գումար կը վճարէ աշխատավարձքի համար:
Այդ ոճին պատճառներն են պրազիլցի միջնապահ Ֆիլիփ Քութինիոյի եւ ֆրանսացի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէի տեղափոխութիւնը, ինչպէս նաեւ արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի նոր պայմանագիրով աշխատավարձքի բարձրացումը:
Պարսելոնա նաեւ աշխարհի առաջին ակումբն է, որուն խաղացողներուն միջին տարեկան աշխատավարձքը կը գերազանցէ 11 միլիոն եւրոն:



