Մութթահետ – Պէյրութ բացման մրցումով այսօր կը սկսի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանը:
Այս մրցումը, որ սկիզբ պիտի առնէ երեկոյեան ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Սաֆատի» մարզադաշտին վրայ` Թրիփոլի:
Պէյրութ 14 կէտով կը գրաւէ 4-րդ դիրքը, մինչ Մութթահետ 12 կէտով կը գտնուի 7-րդ դիրքին վրայ:


