Նախորդ շաբաթավերջին վերսկսաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը` «Պունտըսլիկա»-ն, երբ տեղի ունեցան 18-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումները:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Տորթմունտ քիչ մը դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Լայփցիկի (4-րդ) դաշտէն:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Էքսըլ Ուիթցել (19-րդ):
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող եւ գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխ, որ 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Հոֆընհայմի դաշտէն: Լէոն Կորեցքա նշանակեց 2 կոլ (34-րդ եւ 45-րդ), մինչ երրորդ կոլը նշանակեց Ռոպերթ Լեւանտովսքի (87-րդ):
Երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ, իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց Պայէր Լեւերքուզընի դէմ:
Անոնց երեքին արձանագրած այս յաղթանակները պատճառ դարձան, որ անոնց միջեւ գտնուող կէտերու տարբերութիւնը մնայ անփոփոխ: Տորթմունտ` 45 կէտ, Պայէրն` 39, Մէօնշընկլատպախ` 36:



