Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք

January 18, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
– Մարկարիթա Գասպարեան Լքեց Պայքարը
– Տոմինիք Թիեմ Եւ Ժիլ Սիմոն Դուրս Մնացին

Մելպուրնի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող 2019 տարուան առաջին` Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի ծիրին մէջ, Ռուսիան ներկայացնող Մարկարիթա Գասպարեան, Բ. հանգրուանին իր կատարած մրցումին պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն:

Մարկարիթա Գասպարեան

Թենիսի միջազգային դասաւորման 91-րդ դիրքին վրայ գտնուող Մարկարիթա Գասպարեան 6-1 եւ 7-5 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց աշխարհի 14-րդ դիրքը գրաւող պելճիքացի Էլիզ Մերթենսէն: Մրցումը տեւեց 1 ժամ 32 վայրկեան:

Ա. հանգրուանին Գասպարեան 4-6, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթած էր Զժու Լինին (Չինաստան):

Սիմոնա Հալեփ

Աշխարհի թիւ 1 դասուած ռումանացի Սիմոնա Հալեփ քիչ մը դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց ամերիկացի Սոֆիա Քենինի դէմ` 6-3, 6-7 եւ 6-4 արդիւնքով: Այս մրցումը տեւեց 2 ժամ 31 վայրկեան: Գ. հանգրուանին ան պիտի մրցի ամերիկացի Վինըս Ուիլիըմզի դէմ:

Գ. հանգրուանի իր տոմսը ապահովեց նաեւ Վինըս Ուիլիըմզի քոյրը` Սերենա, որ 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց քանատացի Էօժենի Փուշարին:

Տոմինիք Թիեմ

Մրցաշարքը չկրցաւ շարունակել 7-րդ դասուած աւստրիացի Տոմինիք Թիեմ, որ պարտութիւն մը կրեց աստրալիացի Ալեքսէյ Փոփիրինէն` 7-5 եւ 6-4 արդիւնքով: Թիեմ մրցումը կիսատ ձգեց:

Դուրս մնացողներուն կարգին եղաւ ֆրանսացի Ժիլ Սիմոն (29-րդ), որ պարտուեցաւ Ալեքս Պոլթէն (Աւստրալիա)` 2-6, 6-4, 4-6, 7-6 եւ 7-6 արդիւնքով տեղի ունեցած բաւական տաք ճակատումէ մը ետք:

Թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց ֆրանսացի Ճօ-Ուիլֆրիտ Ցոնկայի դէմ` 6-3, 7-5 եւ 6-4 արդիւնքով:

8-րդ դասուած ճափոնցի Քէյ Նիշիքորի 6-3, 7-6, 5-7, 5-7 եւ 7-6 արդիւնքով քիչ մը դժուարութեամբ յաղթեց խրուաթ Իվօ Քարլովիչին:

Քանատացի Միլոշ Ռաոնիչ (16-րդ) շրջանցեց զուիցերիացի Սթանիսլաւ Վաւրինքայի վտանգը` արձանագրելով 6-7, 7-6, 7-6 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը:

Վերջապէս, 4-րդ դասուած գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւ իր կարգին քիչ մը դժուարութեամբ յաղթեց ֆրանսացի Ժերեմի Շարտիին (7-6, 6-4, 5-7, 6-7 եւ 6-1):

 

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթց Պարտուեցաւ Իր Դաշտին Վրայ` Հակառակ Հարտենի Նշանակած 58 Կէտին

Յաջորդը

Մխիթարեան Արսենալի Ընդհանուր Խումբ Կը Վերադառնայ Յառաջիկայ Շաբաթ

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.