Իտալական մամուլը յայտնեց, որ Ա. Սէ. Միլանի մարզիչը` Կենարօ Կաթուզօ, մէկ մրցումով կախակայուեցաւ` նկատի ունենալով, որ Եուվենթուսի դէմ տեղի ունեցած Իտալիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցումէն ետք, ան սպառնաց օրուան իրաւարարին եւ անոր դէմ ունեցաւ նախատական արտայայտութիւններ:
Կաթուզօ պիտի բացակայի Ճենովայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն (20-րդ հանգրուան, «Քալչիօ»):



