Մասնակցութեամբ 48 վարժարաններէ 1885 երկսեռ աշակերտներու, բաւական մեծ հետաքրքրութեամբ սկիզբ առին Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանին 20-րդ խաղերը:
«Հայ Սքուլ»-ի այս ախոյեանութեան մրցումներուն պիտի կիրարկուին հետեւեալ մարզաձեւերը` պասքեթպոլ, վոլիպոլ, մինի-ֆութպոլ, փինկ փոնկ եւ լողարշաւ:
Նշենք, որ 27 վարժարաններէ 1135 մասնակցողներ` եկած Քեսրուանի, Ժիպէյլի եւ Մեթնի շրջաններէն, իրենց մրցումները կը կատառեն համալսարանի Ժիպէյլի մասնաճիւղին մէջ, մինչ մնացեալ 21 վարժարաններու 752 աշակերտները իրենց մրցումները կը կատարեն կազմակերպիչ համալսարանին Պէյրութի մասնաճիւղին մէջ: