«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրը եղաւ Օքլահոմա Սիթիին, 138-128 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց երկարաձգումէն ետք:
Լէյքըրզէն դարձեալ կը բացակայէր Լեպրոն Ճէյմս, որ իր ստացած վնասուածքէն կը վերականգնի:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քայլ Քուզմա նշանակեց 32 կէտ, մինչ Փոլ Ճորճ (Օքլահոմա)` 27 կէտ:
Թորոնթօ Ռեփթըրզ կողովի մը տարբերութեամբ` 111-109 արդիւնքով յաղթեց Ֆէոնիքս Սանզին: Վերջինէս Տեւին Պուքըր նշանակեց 30 կէտ:
Ինտիանայի մէջ, Փէյսըրզ 120-96 արդիւնքով պարտուեցաւ Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզէն: Ճիմի Պաթլըր (Սիքսըրզ) նշանակեց 27 կէտ: