Պայէրն Միւնիխի թեքնիք տնօրէն Հասան Սալիհամիծիչ հաստատեց, որ լոնտոնեան Արսենալը մօտէն հետաքրքրուած է ակումբին քոլոմպիացի միջնապահ Խամես Ռոտրիկեսով:
Ըստ գերմանական «Պիլտ» մարզաթերթին, նախքան այս ամսուան աւարտը, Արսենալ կ՛ուզէ փոխ առնել Ռոտրիկեսը:
Պայէրն անոր համար տարեկան կ՛ուզէ 7 միլիոն եւրօ, այսինքն` նոյն այն գումարը, ինչ որ անիկա կը վճարէ Ռէալ Մատրիտին, որուն կը պատկանի մարզիկին իսկական ստորագրութիւնը:
Կը կարծուի, որ այս ամիս Մեսութ Էօզիլ պիտի հեռանայ Արսենալէն, եւ անոր բացը գոցելու համար լոնտոնեան ակումբը կ՛ուզէ իր կազմին միացնել Ռոտրիկեսը:
Ան 2017-ի ամրան միացաւ Պայէրնի: Պայմանագրութեան մէջ նշուած է, որ եթէ գերմանական ակումբը կ՛ուզէ անոր ստորագրութիւնը ունենալ, Ռէալին պէտք է վճարէ 42 միլիոն եւրօ:



