Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, որ Լիբանանի մէջ կը կատարէ բարեկամական մրցումներ, իր երկրորդ մրցումին արձանագրեց մեծ հաշիւով յաղթանակ մը` 7-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Սեն Ժոզեֆ համալսարանի Սփորթց-1875 խումբը:
Սարգիս Մարգարեան տուպլէ մը իրագործեց, մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Էտկար Կիրակոսեան, Սարօ Գալստեան, Անդրանիկ Կարապետեան, Խաչատուր Միքայէլեան եւ Տիգրան Վարդանեան:
Առաջին մրցումին Ռուբէն Նազարէթեանի գլխաւորած կազմը 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Զուք Մոսպեհի դէմ:
Այս մրցումին հայրենի կազմին կոլերը նշանակեցին Սարօ Մարդանեան, Սարօ Գալստեան եւ Գարեգին Մաշումեան: