Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, գործող ախոյեան` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրընկալեց վերջին դիրքը գրաւող Կենկանը, արձանագրեց… 9-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը:
2 մրցում նուազ կատարած Սեն Ժերմեն, որ ցարդ անպարտելի է, այժմ 13 կէտի առաւելութիւն ունի 2-րդ դիրքը գրաւող Լիլի վրայ:
Մայրաքաղաքի կազմէն երկու մարզիկներ հեթրիք իրագործեցին: Անոնք են` Քիլիան Մպափէ (37-րդ, 45-րդ, 80-րդ) եւ Էտինսոն Քաւանի (59-րդ, 66-րդ, 75-րդ): Իսկ մրցումին հաշիւը բացաւ Նէյմար (11-րդ):



