Նախորդ շաբաթավերջին «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուեցան բազմաթիւ մրցումներ:
Հիուսթըն Ռոքեթց, որ հիւրընկալեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզը, երկարաձգումէն ետք արձանագրեց 138-134 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 48 կէտ:
Պրուքլին Նեթց կողովի մը տարբերութեամբ միայն` 117-115 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Օրլանտօ Մեճիքի դաշտէն: Տ՛անճելօ Ռասըլ (Նեթց) նշանակեց 40 կէտ:
Թէեւ Պլէյք Կրիֆին նշանակեց 38 կէտ, բայց անոր կազմը` Տիթրոյիթ Փիսթընզ, կողովի մը տարբերութեամբ` 103-101 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Սաքրամենթօ Քինկզէն:



