Թէեւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը երէկ յաջողեցաւ արձանագրել իր առաջին յաղթանակը Հիւսիսային Քորէայի դէմ (4-1), սակայն մայրիներու կազմը չկրցաւ ապահովել յաջորդ` 1-16-րդ հանգրուանի իր տոմսը եւ հրաժեշտ տուաւ Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին:
Երէկուան այս մրցումին, Լիբանան իր յաղթանակը արձանագրեց Հիւսիսային Քորէայի դէմ` 4-1 արդիւնքով: Նշենք, որ մրցումին առաջին կոլը նշանակեցին քորէացիները: Լիբանանի հաւասարութեան կոլը նշանակեց Ժորժ Մելքի: Ապա մնացեալ կոլերը, յաջորդաբար նշանակեցին Հիլալ Հըլուէ, խմբապետ Հասան Մաաթուք (փենալթիով) եւ դարձեալ Հիլալ Հըլուէ` 96-րդ վայրկեանին:
1-16-րդ հանգրուանին զոյգերը եղան հետեւեալ ձեւով.
Թայլանտ – Չինաստան, Իրան – Օման, Յորդանան – Վիեթնամ, Ճափոն – Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ – Խըրխըզիստան, Աւստրալիա – Ուզպեքիստան, Հարաւային Քորէա – Պահրէյն եւ Քաթար – Իրաք:



