Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքը արդէն իսկ հասած է քառորդ աւարտականին: Այդ չորս մրցումները տեղի պիտի ունենան այսօր եւ վաղը:
Այսօր տեղի պիտի ունենան Չինաստան – Իրան եւ Վիեթնամ – Ճափոն մրցումները, իսկ վաղը` Հարաւային Քորէա – Քաթար եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ – Աւստրալիա ճակատումները:



