Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցեցաւ Էներժիի դէմ:
Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով: Ան 104-42 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 33-17, 30-4, 24-13 եւ 17-8:
Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս ցարդ անպարտելի միակ խումբն է: