Այաքս Ամսթերտամի միջնապահ Ֆրանք տը Եոնկ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Պարսելոնայի հետ, յայտնեց քաթալոնական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
21 տարեկան հոլանտացին Պարսելոնային պիտի միանայ 1 յուլիսին: Անոր այս փոխանցումը արժեց 75 միլիոն եւրօ: Անոր ակումբը յաւելեալ 11 միլիոն եւրօ եւս պիտի ստանայ, եթէ ան Պարսելոնայի հետ արդիւնաւէտ մրցումներ կատարէ եւ տիտղոսներու տիրանայ:
Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2024:
Հոլանտայի ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան գծով ան ցարդ մասնակցած է 15 մրցումի եւ նշանակած 3 կոլ:



