Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ արդէն իսկ ընդունած է դիմումնագիրները այն անձերուն, որոնք ապագային կ՛ուզեն իրաւարար դառնալ: Այս նպատակով ալ ֆետերասիոնը կը կազմակերպէ իրաւարարներու դասընթացքներ:
Նշուեցաւ, որ իրաւարարներու այս դասընթացքները պիտի ըլլան անվճար:
Անոնց կրնան մասնակցիլ 18-25 տարեկան անձեր, որոնց հասակը պէտք է ըլլայ նուազագոյնը 1,75 մեթր:
Ֆետերասիոնը նաեւ նշեց, որ պէտք է ամբողջացնել կարգ մը կէտեր եւ անմիջապէս արձանագրուիլ` նկատի ունենալով, որ ժամկէտը այդքան ալ երկար չէ:



