Վնասուածքէն ապաքինող Հենրիխ Մխիթարեան շատ հաւանաբար խաղադաշտ վերադառնայ իր նախկին ակումբին` Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ կատարուելիք բաժակի մրցաշարքին, կը յայտնէ «Իվնինկ Սթանտարտ»:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահը Արսենալի հետ իր փորձերուն վերսկսաւ 10 յունուարին եւ բաւական մօտ է ընդհանուր խումբ վերադառնալուն:
Արսենալ եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ իրարու դէմ պիտի մրցին 25 յունուարին:
Երկուշաբթի, 21 յունուարին, Մխիթարեան տօնեց իր ծննդեան 30-րդ տարեդարձը: Ան ստացաւ շնորհաւորանքի բազմաթիւ բարեմաղթութիւններ: