Կազմակերպութեամբ նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ճատրակի յանձնախումբին, հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին վերոնշեալ միութեան ճատրակի ակումբին մէջ (Վերտան) տեղի ունեցաւ ճատրակի տարիքային մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ բազմաթիւ երկսեռ ճատրակ խաղացողներու, որոնց կարգին նաեւ` հայեր:
Տեղի ունեցան 8,10, 12, 14 եւ 16 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներ:
8 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, նարեկ Բակլայեան գրաւեց 2-րդ դիրքը: 12 տարեկանէն վար Հրակ Ծատուրեան հանդիսացաւ 3-րդ: Իր կարգին, 3-րդ հանդիսացաւ Նիքոլա Մուրատեան (14 տարեկանէն վար):
Իսկ աղջկանց 14 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, առաջին դիրքը գրաւեց Փաթիլ Գրիգորեան:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ձեռամբ կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեանի: