Իտալացի յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլի հեռանալով Նիսէն ազատ մարզիկի կարգավիճակով երէկ պայմանագրութիւն մը կնքեց Մարսէյի հետ, յայտնեց վերջինիս մամլոյ քարտուղարութիւնը:
28 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագիրը նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:
Ֆրանսական մամուլը նշեց, որ Պալոթելլի Մարսէյը ընտրելուն համար պիտի գանձէ 4 միլիոն եւրօ:
Ան յաւելեալ 1,4 միլիոն եւրօ յաւելավճար պիտի ստանայ, եթէ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը նշանակէ նուազագոյնը 10 կոլ եւ չխախտէ կարգապահութեան կանոնները:
Պալոթելլի, որ 2016-էն ի վեր մաս կը կազմէր Նիսին, այս տարեշրջանին մասնակցեցաւ 10 մրցումի եւ կատարեց միայն մէկ էսիսթ` առանց կոլ նշանակելու:


