«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան չորս ճակատումներ:

Օքլահոմա Սիթի, որ հիւրընկալեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը, արձանագրեց 123-114 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն Ռասըլ Ուեսթպրուք թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (29 կէտ, 10 ռիպաունտ, 14 էսիսթ), մինչ անոր խմբակից Փոլ Ճորճ նշանակեց 36 կէտ:
Իսկ Պլէյզըրզէն Տեմիըն Լիլարտ նշանակեց 34 կէտ:
Թորոնթօ Ռեփթըրզ 120-105 արդիւնքով յաղթեց Սաքրամենթօ Քինկզին, Տալաս Մավըրիքս` Լոս Անճելըս Քլիփըրզին (106-98), մինչ Ֆէոնիքս Սանզ պարտուեցաւ իր հիւրէն` Մինեսոթա Վուլվզէն (118-91):
Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Ինտիանա Փէյսըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Պոսթըն Սելթիքս – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Պրուքլին Նեթց – Օրլանտօ Մեճիք
Մայեմի Հիթ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Նիւ Եորք Նիքս – Հիուսթըն Ռոքեթց
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Շիքակօ Պուլզ – Աթլանթա Հոքս
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Շարլոթ Հոռնեթց
Նիւ Օրլինզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Եութա Ճեզ – Տենվըր Նակեթց


