Յունաստանի ներկայացուցիչ Սթեֆանոս Ցիցիփաս (դասուած` 14-րդ) երէկ ապահովեց Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանին իր տոմսը, երբ յաջողեցաւ մրցաշարքէն դուրս ձգել սպանացի Ռոպերթօ Պաութիսթան` արձանագրելով 7-5, 4-6, 6-4 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը: Այս մրցումը տեւեց 3 ժամ 15 վայրկեան:

Աշխարհի 15-րդ դիրքը գրաւող 20 տարեկան Ցիցիփաս իրեն համար ունեցաւ պատմական օր մը` նկատի ունենալով, որ ան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով էր, որ կը հասնէր կրան-շլեմի մը մրցաշարքի կիսաւարտականին:
Նախորդ հանգրուանին ան մրցաշարքէն դուրս ձգած էր այս մրցաշարքի գործող ախոյեան զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերը:
Կիսաւարտականին Ցիցիփաս իր դէմ պիտի ունենայ մրցաշարքի 2-րդ դասուած մարզիկը` սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ, որ 6-3, 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց ամերիկացի Ֆրանսիս Թիաֆոյէի դէմ:

Իսկ կիսաւարտականին հասան եւ իրարու դէմ պիտի ճակատին չեխ Փեթրա Քվիթովա եւ ամերիկացի Տանիել Քոլինզ: Առաջինը 6-1 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց աւստրալիացի Էշլի Պերթիի, իսկ Քոլինզ 2-6, 7-5 եւ 6-1 արդիւնքով` ռուս Անասթասիա Փաւլիուշենքովային: