Ողիմպիական խաղերու ութակի ախոյեան, վազքի 100 եւ 200 մեթրի աշխարհի մրցանշակիր, աւստրալիական Սենթրըլ Քոսթ Մարինըրզ ակումբին հետ նախորդ տարի ֆութպոլիստի ասպարէզը սկսած Ուսէյն Պոլթ յայտարարեց, որ կը հեռանայ ֆութպոլէն:
32 տարեկան ժամայքացին այս գծով յայտնեց «Էն. Պի. Սի. Սփոր»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին:



