Մարզական

«Փրեմիեր Լիկ». Լիվըրփուլ Կէտեր Կորսնցուց Լիվըրփուլ Քաղաքի Տերպիին. Մանչեսթըր Սիթի` Առաջին

Նախորդ շաբաթավերջին Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Լիվըրփուլ կէտեր կորսնցուց Լիվըրփուլ քաղաքի տերպիի մրցումին, երբ Էվըրթընի դաշտին վրայ արձանագրեց 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Լիվըրփուլ ոչ միայն կէտեր կորսնցուց, այլ նաեւ կորսնցուց պարագլուխի դիրքը` նկատի ունենալով, որ Մանչեսթըր Սիթի 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Պուրնըմաութի դաշտէն, գրաւեց առաջին դիրքը` կէտի մը առաւելութեամբ գերազանցելով Լիվըրփուլը: Մանչեսթըր Եունայթըտ 3-2 արդիւնքով...

«Պունտըսլիկա». Պորուսիա Տորթմունտի Դիրքը Բաւական Վտանգուեցաւ

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 24-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պորուսիա Տորթմունտի պարագլուխի դիրքը բաւական վտանգուեցաւ, երբ անիկա կրեց տարեշրջանի իր քիչ մը անակնկալ երկրորդ պարտութիւնը վտանգաւոր դիրքի վրայ գտնուող Օկզպուրկէն (16-րդ)` 2-1 արդիւնքով: Այժմ Տորթմունտ, որ ունի 54 կէտ, իր ունեցած կոլէվըրէյճին շնորհիւ միայն կը գերազանցէ երկրին գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխին, որ այս հանգրուանին 5-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի դաշտէն: Ռոպերթ...

Հայկական Ֆութպոլ. Փիւնիկ Եւ Արարատ – Արմենիա` Յաղթական

Նախորդ շաբաթավերջին, ձմեռնային դադարէն ետք, վերսկսան Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան Բ. բաժինի մրցումները` 20-րդ հանգրուանի հանդիպումներով: Շիրակ, Գիւմրիի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, կոլազուրկ հաւասարութիւն մը արձանագրեց Վանաձորի Լոռիին հետ, իսկ Բանանց եւ Արցախ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեցին իրարու հետ` Փիւնիկի մարզադպրոցին մէջ կատարուած մրցումին: Արարատ - Արմենիա 4-1 արդիւնքով յաղթեց Արարատին, մինչ Ալաշկերտ իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց...

Թենիս. Ռոժէ Ֆետերերի 100-րդ Տիտղոսը

Զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր, նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին 100-րդ տիտղոսին, երբ «Տուպայ-Տիւթի-Ֆրի»-ի թենիսի միջազգային մրցաշարքին, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց յոյն Սթեֆանոս Ցիցիփասի դէմ: 37 տարեկան զուիցերիացին իր այս յաղթանակը արձանագրելու համար պէտք ունեցաւ 1 ժամ 9 վայրկեանի: Այսպիսով, Ֆետերեր 8-րդ անգամ ըլլալով Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) կը բարձրացնէ այս մրցաշարքին տիտղոսը:  

Լիւքսամպուրկի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Ալեքսանտր Կարապետեանի Տուպլէն Իր Կազմը Պարտութենէ Փրկեց

Նախորդ շաբաթավերջին Լիւքսամպուրկի ֆութպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փրոկրես Նիտերքոմ իր դաշտին վրայ պարտութենէ փրկուեցաւ, երբ Վիքթորիա Ռոսփորթի դէմ կատարուած մրցումին (3-3) Ալեքսանտր Կարապետեան տուպլէ մը իրագործեց (92-րդ եւ 94-րդ), մինչ իր կազմը ուշացած էր 3-1 արդիւնքով: 14-րդ հանգրուանին եւս, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յառաջապահը իր կազմը փրկած էր պարտութենէ մը, երբ 86-րդ վայրկեանին նշանակած էր հաւասարութեան կոլը (1-1): Այժմ...

«Եու. Էֆ. Սի.-235». Էտմեն Շահբազեան Յաղթեց 38 Երկվայրկեանի Ընթացքին

Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցած «Եու. Էֆ. Սի.-235» խառն մենամարտերու մրցաշարքին, հայ մարտիկ Էտմեն Շահբազեան նաք-աութով յաղթեց ամերիկացի Չարլզ Պերտին: Մենամարտը տեւեց 38 երկվայրկեան: «Եու. Էֆ. Սի.»-ի մէջ, 21 տարեկան Շահբազեան կատարեց իր երկրորդ մենամարտը` արձանագրելով իր երկրորդ յաղթանակը: Ընդհանուր առմամբ ան կատարած է իր 9-րդ ճակատումը խառն մենամարտերուն մէջ, ուր ան արձանագրած է նոյնքան յաղթանակ:  

«Բ. Պունտըսլիկա». Սարգիս Ադամեան Կերտեց Եան Ռեկենսպուրկի Յաղթանակը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Բ. Պունտըսլիկա»-ի 24-րդ հանգրուանին, նախորդ շաբաթավերջին Եան Ռեկենսպուրկ 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Հայտընհայմ-1846-ի դաշտէն: Հիւր կազմին յաղթանակի կոլը նշանակեց Սարգիս Ադամեան` 58-րդ վայրկեանին: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Ադամեան, որ յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով կոլի հեղինակ կը դառնայ, իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայանալով, 87-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Ան այսպիսով նշանակեց տարեշրջանի իր 10-րդ կոլը: Անոր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Դժուարութեամբ Յաղթեց Մութթահետին (71-66), Բայց Յաջողեցաւ Գրաւել Ընդհանուր Դասաւորման Պարագլուխի Դիրքը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան  14-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, շաբաթ, 2 մարտին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը հիւրընկալեց Թրիփոլիի Մութթահետը: ՀՄԸՄ մրցումը սկսաւ 9 յաղթանակով եւ 2 պարտութեամբ, մինչ Մութթահետ` 3 յաղթանակով եւ 8 պարտութեամբ: ՀՄԸՄ-ին համար այս մրցումը կը նկատուէր բաւական կարեւոր, որովհետեւ յաղթանակի մը պարագային խումբը պիտի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ – Շապապ Արապի` 0-2

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Ժունիէի Ֆուատ Շեհապ մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը, որ հիւրընկալեց Շապապ Արապին, կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Մրցումին արդիւնքը թէեւ եղաւ ի նպաստ մրցակիցին, սակայն, ՀՄԸՄ-ի կազմը շատ աւելի լաւ ներկայացում մը ունեցաւ եւ ստեղծեց 6-7 կոլի սքանչելի առիթներ, բայց անոնք դժբախտաբար կոլի չվերածուեցան: Շապապ Արապի իր առաջին կոլը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ-ի Զոյգ Խումբերուն Կատարելիք Մրցումներուն Յայտագիրը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Այսօր Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Այսօր` երկուշաբթի, 4 մարտին, ՀՄԸՄ կու տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, յետմիջօրէին ժամը 17:30-ին: Այս մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ախոյեան ՀՄԸՄ, պիտի անդրադառնայ յառաջիկայ 10-14 մարտին, Իրաքի մէջ տեղի ունենալիք Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Մեծ Եւ Հաստատ Քայլերով Ապահովեց Աւարտականին Իր Տոմսը` 111-40 Արդիւնքով Ծանր Պարտութեան Մատնելով Հուփսը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտականի (ֆայնըլ-ֆոր) մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիբանանի գործող ախոյեան` ՀՄԸՄ Անթիլիաս, մեծ եւ հաստատ քայլերով ապահովեց աւարտականին իր տոմսը` 111-40 արդիւնքով բաւական ծանր պարտութեան մատնելով Հուփսը: Նշենք, որ ՀՄԸՄ Անթիլիաս առաջին երկու մրցումներուն եւս յաղթանակ արձանագրած էր: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 30-5, 29-11, 31-14, 21-10: ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն աւելի շատ կէտը նշանակեց...

Ֆութսալ. Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ Պէյրութ` 12-4

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութ 12-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ահլի Սայտայէն, Նեպիհ Պըրրիի անուան մարզահամալիրին մէջ իր կատարած մրցումին: ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Ներսէս Խալուլեան (3-րդ), Մհեր Սիւրմենեան (5-րդ), Աւագ Պալապանեան (30-րդ) եւ Միքայէլ Նորաշխարհեան (40-րդ):

Ճատրակ. Այրոֆլոթի Մրցաշարք. Հայկ Մարտիրոսեան Հանդիսացաւ Երկրորդ

Նախանցեալ օր Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) աւարտեցաւ Այրոֆլոթի ճատրակի միջազգային մրցաշարքը, երբ կատարուեցան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի ճակատումները: Հայաստանի ազգային հաւաքականին նորեկ, 18 տարեկան Հայկ Մարտիրոսեան, վերջին հանգրուանին, յաղթելով Տիգրան Լ. Պետրոսեանին, առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 7 կէտ: Նոյնքան կէտ ապահովեց նաեւ 42 տարեկան էսթոնիացի Քայտօ Քուալոթց, որ, սակայն, լրացուցիչ ցուցանիշով (5 յաղթանակ սեւերով. Մարտիրոսեան` 4 յաղթանակ) գրաւեց առաջին դիրքը, մինչ...

«ՖԻՏԷ». Արոնեան 2 Դիրքի Նահանջ Մը Արձանագրեց

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը («ՖԻՏԷ»), երէկ հրապարակեց աշխարհի միջազգային նոր դասաւորումը, ուր պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն` իր տրամադրութեան տակ ունենալով վարկանիշային 2845 կէտ: Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, 2 դիրքի նահանջ մը արձանագրելով, այժմ կը գրաւէ 12-րդ դիրքը (2761): Լաւագոյն հարիւրին մէջ է Հայաստանի հաւաքականին մաս կազմող Գաբրիէլ Սարգսեան, որ կը գտնուի 52-րդ դիրքին վրայ...

Ֆուլհեմ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը` Ռանիերին

Իտալացի մարզիչ Քլաուտիօ Ռանիերի պաշտօնանկ եղաւ իր ակումբին` Ֆուլհեմի կողմէ: Այս մասին յայտնեց անգլիական խումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Անգլիացի Սքոթ Փարքըր պիտի կատարէ գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի պարտականութիւնները: 67 տարեկան Ռանիերի մարզիչ նշանակուած էր` նոյեմբեր 2018-ին:  

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Յաղթեց Ռէալ Մատրիտին Եւ Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Սպանիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 26-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, տեղի ունեցաւ սպասուած «Քլասիքօ»-ն, որուն ընթացքին, Ռէալ Մատրիտ հիւրընկալեց Պարսելոնան: Պարսելոնա ամրապնդեց պարագլուխի դիրքը` շուրջ 79 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վայ: Իվան Ռաքիթիչ կը նշանակէ Պարսելոնայի կոլը Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Իվան Ռաքիթիչ (26-րդ), որ փոխանցում մը ստացաւ Սերճի Ռոպերթոյէն: Պարսելոնա, որ...

Սպանական Ֆութպոլ. Պարսելոնա – Վալենսիա Աւարտական

Սպանացի յառաջապահ Ռոտրիկոյի նշանակած կոլին (56-րդ վայրկեանին) շնորհիւ Վալենսիա յաջողեցաւ ապահովել Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտականին իր տոմսը` կիսաւարտականի դարձի մրցումին, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Ռէալ Պեթիսի դէմ: Երթի մրցումը աւարտած էր 2-2 հաւասարութեամբ: Աւարտականին, որ տեղի պիտի ունենայ 25 մայիսին Սեւիլլայի դաշտին վրայ, Վալենսիա իրեն դէմ պիտի ունենայ Պարսելոնան, որ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Ռէալ Մատրիտը` արձանագրելով 3-0 արդիւնքով...

Սերճիօ Ռամոս «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Գծով 2 Մրցումով Կախակայուեցաւ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով 2 մրցումով կախակայուեցաւ Այաքս Ամսթերտամի դէմ («Չեմփիընզ լիկ») իր կատարած մրցումին (երթ) դիտաւորեալ դեղին քարտ ստացած ըլլալուն համար: Ան այժմ ոչ միայն պիտի բացակայի Այաքսի դէմ տեղի ունենալիք դարձի մրցումէն, այլ նաեւ քառորդ աւարտականի երթի մրցումէն, անշուշտ եթէ Ռէալ կարենայ յաղթահարել հոլանտական...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Մութթահետ

Շուրջ ամսուան մը դադարէ ետք, նախանցեալ օր վերսկսան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները, երբ Շիահի դաշտին վրայ, 14-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Պէյրութ հիւրընկալեց Պիպլոսը: Երէկ որեւէ մրցում տեղի չունեցաւ: Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 2 մարտին, ՀՄԸՄ-ի կազմը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Թրիփոլիի Մութթահետը: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի երեկոյեան ժամը...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Շապապ Պըրժ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: Անոնք երկուքն ալ աւարտեցան հաւասարութեամբ: Պհամտունի մէջ, Նահտա Պար Էլիաս - Նասեր Պար Էլիաս մրցումը աւարտեցաւ 3-3 հաւասարութեամբ, իսկ Սուրի մէջ 1-1 արդիւնքով աւարտեցաւ Իսլահ Պըրժ Շիմալի - Ահլի Սայտա հանդիպումը: Այս հանգրուանի ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 3 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական...

Page 729 of 1279 1 … 728 729 730 … 1,279

Արխիւներ