Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտականի (ֆայնըլ-ֆոր) մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիբանանի գործող ախոյեան` ՀՄԸՄ Անթիլիաս, մեծ եւ հաստատ քայլերով ապահովեց աւարտականին իր տոմսը` 111-40 արդիւնքով բաւական ծանր պարտութեան մատնելով Հուփսը:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ Անթիլիաս առաջին երկու մրցումներուն եւս յաղթանակ արձանագրած էր:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 30-5, 29-11, 31-14, 21-10:
ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն աւելի շատ կէտը նշանակեց Ելենա Լուշենքա (33 կէտ, 12 ռիպաունտ): 14 կէտ նշանակեց Մեղրի Թորոսեան (ներառեալ` 2 թրի փոյնթ), իսկ երեքական թրի-փոյնթ նշանակեցին Ռեպեքքա Աքըլ եւ Միրամար Մըքտատ:
Աւարտականին ՀՄԸՄ իրեն դէմ պիտի ունենայ Ռիատի Պէյրութ – Անդրանիկ Պէյրութ մրցումին յաղթականը: Այժմ Ռիատի 2-1 արդիւնքով կը գերազանցէ Անդրանիկը: