Զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր, նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին 100-րդ տիտղոսին, երբ «Տուպայ-Տիւթի-Ֆրի»-ի թենիսի միջազգային մրցաշարքին, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց յոյն Սթեֆանոս Ցիցիփասի դէմ:
37 տարեկան զուիցերիացին իր այս յաղթանակը արձանագրելու համար պէտք ունեցաւ 1 ժամ 9 վայրկեանի:
Այսպիսով, Ֆետերեր 8-րդ անգամ ըլլալով Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) կը բարձրացնէ այս մրցաշարքին տիտղոսը:



