Նախորդ շաբաթավերջին Լիւքսամպուրկի ֆութպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փրոկրես Նիտերքոմ իր դաշտին վրայ պարտութենէ փրկուեցաւ, երբ Վիքթորիա Ռոսփորթի դէմ կատարուած մրցումին (3-3) Ալեքսանտր Կարապետեան տուպլէ մը իրագործեց (92-րդ եւ 94-րդ), մինչ իր կազմը ուշացած էր 3-1 արդիւնքով:
14-րդ հանգրուանին եւս, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յառաջապահը իր կազմը փրկած էր պարտութենէ մը, երբ 86-րդ վայրկեանին նշանակած էր հաւասարութեան կոլը (1-1):
Այժմ Նիտերքոմ, որ 27 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 4-րդ դիրքը, չորս կէտով ետ է պարագլուխի դիրքը գրաւող Քոտա Էսշէն:



