Շուրջ ամսուան մը դադարէ ետք, նախանցեալ օր վերսկսան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները, երբ Շիահի դաշտին վրայ, 14-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Պէյրութ հիւրընկալեց Պիպլոսը:
Երէկ որեւէ մրցում տեղի չունեցաւ:
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 2 մարտին, ՀՄԸՄ-ի կազմը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Թրիփոլիի Մութթահետը:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի երեկոյեան ժամը 17:00-ին:
Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ-ի կազմին մէջ կը գտնուի նորեկ մը` Շէյն Լաուալ, որ փոխարինեց Քրիս Ճոնսընը:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ:
Յայտնենք, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, Պուրճ Համուտի հրապարակէն, ինչպէս նաեւ Ֆանարի եւ Ռաուտայի ակումբներէն պիտի ուղղուին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր:


