Նախորդ շաբաթավերջին Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Լիվըրփուլ կէտեր կորսնցուց Լիվըրփուլ քաղաքի տերպիի մրցումին, երբ Էվըրթընի դաշտին վրայ արձանագրեց 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Լիվըրփուլ ոչ միայն կէտեր կորսնցուց, այլ նաեւ կորսնցուց պարագլուխի դիրքը` նկատի ունենալով, որ Մանչեսթըր Սիթի 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Պուրնըմաութի դաշտէն, գրաւեց առաջին դիրքը` կէտի մը առաւելութեամբ գերազանցելով Լիվըրփուլը:
Մանչեսթըր Եունայթըտ 3-2 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Սաութհեմփթընին, երբ Ռոմելու Լուքաքու, որ նշանակած էր երկրորդ կոլը (59-րդ), նշանակեց նաեւ անոր յաղթանակի կոլը (88-րդ):