Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 24-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պորուսիա Տորթմունտի պարագլուխի դիրքը բաւական վտանգուեցաւ, երբ անիկա կրեց տարեշրջանի իր քիչ մը անակնկալ երկրորդ պարտութիւնը վտանգաւոր դիրքի վրայ գտնուող Օկզպուրկէն (16-րդ)` 2-1 արդիւնքով:
Այժմ Տորթմունտ, որ ունի 54 կէտ, իր ունեցած կոլէվըրէյճին շնորհիւ միայն կը գերազանցէ երկրին գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխին, որ այս հանգրուանին 5-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի դաշտէն:
Ռոպերթ Լեւանտովսքի նշանակեց 2 կոլ (47-րդ եւ 90-րդ` փենալթիով):