Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, շաբաթ, 2 մարտին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը հիւրընկալեց Թրիփոլիի Մութթահետը:
ՀՄԸՄ մրցումը սկսաւ 9 յաղթանակով եւ 2 պարտութեամբ, մինչ Մութթահետ` 3 յաղթանակով եւ 8 պարտութեամբ:
ՀՄԸՄ-ին համար այս մրցումը կը նկատուէր բաւական կարեւոր, որովհետեւ յաղթանակի մը պարագային խումբը պիտի գրաւէր դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-էն իբրեւ հիմնական մարզիկ (առաջին հինգ) դաշտ ներկայացած էր նորեկ մարզիկ Շէյն Լաւալեոր փոխարինած էր Քրիս Ճոնսընին` դառնալով ՀՄԸՄ-ին երրորդ օտարականը:

Վերադառնալով մրցումին, առաջին քորթըրը աւարտեցաւ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ին`19-14 արդիւնքով: Երկրորդին, հիւսիսեան կազմը, բարելաւելով իր խաղարկութիւնը եւ զօրացնելով իր պաշտպանողական գիծը, քիչ մը դժուարացուց ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը այսպիսով երկու կազմերը հանդերձարան ուղղուեցան բաւական ցած սքորով մը` 30-29-ի նպաստ ՀՄԸՄ-ին:
Երրորդ քորթըրին երկու խումբերը դարձեալ քիչ կէտեր նշանակեցին եւ անիկա աւարտեցաւ`43-43 հաւասարութեամբ:
Չորրորդ եւ ճակատագրական վերջին քորթըրին, որ եղաւ քիչ մը պրկուած, ՀՄԸՄ-էն Ժերար Հատիտեան իր կատարած մէկ ֆաուլին պատճառով տիսքոլիֆայտ եղաւ եւ մրցումէն դուրս դրուեցաւ վերջին 5 վայրկեանին:
Ի վերջոյ, բաւական սուր պայքարէ մը ետք ՀՄԸՄ տարաւ վերջնական յաղթանակը` 71-66 արդիւնքով: Ատոր շնորհիւ յաջողեցաւ գրաւել ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Պէտք է ըսել, որ հիւր կազմը բաւական յամառ մրցակից մը եղաւ եւ մեծապէս դժուարացուց ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը:
Սակայն ՀՄԸՄ, շնորհիւ իր համակիրներուն ներկայութեան, յաջողեցաւ տանիլ վերջնական, բայց քիչ մը դժուար իր յաղթանակը:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն աւելի շատ կէտ նշանակեց Մայք Էֆիպրա (18), մինչ անոր խմբակիցներ Փաթրիք Պու Ապպուտ եւ Ուոլթըր Հոճ` 13-ական կէտ: Իսկ Մութթահետէն ամէնէն աւելի շատ կէտը նշանակեց Մարվել Հերիս (23), ներառեալ 5 թրի-փոյնթ:
ՀՄԸՄ նշանակեց 7 թրի-փոյնթ, իսկ Մութթահետ` 8, երկուքն ալ 27 փորձերէ ետք:
Նշենք, որ մնացեալ բոլորը (էսիսթ, ռիպաունտ, թըրն-օվըր, սթիլ) եղան իրարու հաւասար: