Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ». Մանչեսթըր Եունայթըտ Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի ծիրին մէջ, երէկ գիշեր եւս, նախանցեալ օրուան նման, տեղի ունեցան 1-16-րդ հանգրուանի դարձի երկու մրցումներ, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ 2 խումբեր եւս դուրս մնացին մրցաշարքէն: Մանչեսթըր Եունայթըտի յաղթական մարզիկները Ռոմելու Լուքաքուի նշանակած 2 կոլերուն շնորհիւ (2-րդ եւ 30-րդ), Մանչեսթըր Եունայթըտ Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ Ա. կիսախաղին 2-1 արդիւնքով յառաջացաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի վրայ: Ժուան Պերնա նշանակեց Սեն...

«Եւրոպայի Լիկա». Այսօր` Ռենն – Արսենալ

«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 7 մարտին, լոնտոնեան Արսենալը հիւրը պիտի ըլլայ Ռեննի (Ֆրանսա): Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:55-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Ստորեւ կու տանք, 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). ԺԱՄ Տինամօ Զաղրեպ - Պենֆիքա 19:55 Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ - Ինթեր Միլան 19:55 Ռենն - Արսենալ 19:55 Սեւիլլա - Սլաւիա Փրակա...

Ռաքիթիչ – Պարսելոնա Համաձայնութիւն

Քաթալոնական Պարսելոնան եւ խրուաթ ֆութպոլիստ Իվան Ռաքիթիչ յառաջիկային պիտի կնքեն նոր պայմանագրութիւն մը` իրարու հետ համաձայնութեան գալէ ետք: Ըստ նոր պայմանագիրին, ան Պարսելոնայի հետ պիտի մնայ մինչեւ 2021:  

«Էն. Պի. Էյ.»  Գործող Ախոյեան Ուորիըրզ Պարտուեցաւ Իր Հիւրէն` Սելթիքսէն (128-95)

«Էն. Պի. Էյ.» Գործող Ախոյեան Ուորիըրզ Պարտուեցաւ Իր Հիւրէն` Սելթիքսէն (128-95)

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան վեց ճակատումներ: Գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ հիւրընկալեց Պոսթըն Սելթիքսը, կրեց տարեշրջանի իր 20-րդ պարտութիւնը` 128-95 արդիւնքով: Ուորիըրզէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 23 կէտ: Հիուսթըն Ռոքեթց 107-95 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Թորոնթօ Ռեփթըրզի դաշտէն: Ճէյմս Հարտեն (Ռոքեթց) նշանակեց 35 կէտ: Մինեսոթա Վուլվզ, որ հիւրընկալեց Օքլահոմա Սիթին, արձանագրեց 131-120 արդիւնքով յաղթանակ մը:...

Սաժես Ակումբին Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Կեդրոնատեղին

Սաժես Ակումբին Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Կեդրոնատեղին

Երէկ` երեքշաբթի, 5 մարտի յետմիջօրէին, Սաժես ակումբին մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ նորընտիր նախագահ Էլի Եահշուշիի, այցելեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղին (Ժալ Էլ Տիպ), ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիի եւ փոխնախագահ Էտի Պու Զախըմի հետ: Եահշուշիին կ՛ընկերակցէին Քամիլ Սաատէ, Էլի Ռեշտան եւ Սամիր Սալեհ: Անոնք միասնաբար քննարկեցին երկու կողմերուն սերտ յարաբերութիւնները աւելի զարգացնելու կարելիութիւնները: Եահշուշի շնորհաւորեց Հալապին,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ Ապահովեց Աղջկանց Ախոյեանութեան Աւարտականի Իր Տոմսը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտականի (ֆայնըլ-ֆոր) ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Ռիատի Պէյրութ 62-43 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով եւ 3-1 արդիւնքով գերազանցելով Անդրանիկ Պէյրութը, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր իր դէմ կ՛ունենայ Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասը: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 5-14, 10-19, 14-15 եւ 14-14: Օրուան իրաւարարներն էին` Ատել Խուէյրի, Ժորժ Պաաքլինի եւ Ճենիֆըր Ամուրի:

Դաւիթ Նալպանտեան. «Ներկայիս Երբեք Չեմ Հետաքրքրուած Թենիսով»

Նախապէս տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման երրորդ դիրքը գրաւած արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ թենիսի արհեստավարժ ասպարէզը իրեն համար պարզապէս եղած է աշխատանք եւ ներկայիս երբեք չէ հետաքրքրուած այս մարզաձեւով: «Շատ քիչ առիթներով թենիսի մրցումներու կը հետեւիմ պատկերասփիւռէն եւ տան մէջ, այլ զբաղում չունիմ: 2017-ին Աւստրալիոյ բաց ախոյեանութեան Ռոժէ Ֆետերերի տիտղոսակիր դառնալուն մասին իմացայ ընկերոջմէս: Ինծի...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այաքս Ամսթերտամ Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Ռէալ Մատրիտը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: Երթին, Այաքս Ամսթերտամի դաշտին վրայ յաղթանակ մը արձանագրած (2-1) Ռէալ Մատրիտ կը կարծուէր, որ այլ հանգիստ յաղթանակ մը եւս պիտի արձանագրէ իր դաշտին վրայ: Սակայն հոլանտական կազմը ստեղծեց շատ մեծ անակնկալ, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց նախորդ երեք տարիներու տիտղոսակիր Ռէալ Մատրիտը` արձանագրելով 4-1 արդիւնքով...

«Եւրոպայի Լիկա». Ռենն – Արսենալ Մրցումին Իրաւարարները` Սլովաքիայէն

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ վաղը` հինգշաբթի, 7 մարտին, Ռենն - Արսենալ մրցումին, որ կ՛իյնայ «Եւրոպայի-լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանին երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, օրուան իրաւարարները պիտի ըլլան Սլովաքիայէն:

Ալեքսիս Սանչես Շուրջ 2 Ամիս Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

«Տը Թելեկրաֆ» կը հաղորդէ, թէ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Ալեքսիս Սանչես, որ նախորդ շաբաթավերջին վնասուածք ստացաւ Սաութհեմփթընի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր լիկ»-ի 29-րդ հանգրուանի մրցումին, շուրջ 2 ամիս պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: 30 տարեկան չիլիցի ֆութպոլիստը յունուար 2018-ին Արսենալէն տեղափոխուեցաւ Մանչեսթըր Եունայթըտ: Ան իր ակումբին ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստն է` տարեկան 29 միլիոն եւրօ: Ան այս տարեշրջանին իր կազմին հետ...

Անյայտ Անձեր Առեւանգեցին Սամուէլ Քալուի Մայրը

Նիկերիական մամուլը յայտնեց, որ անյայտ անձեր առեւանգած են ֆրանսական Պորտոյի եւ Նիկերիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Սամուէլ Քալուի մայրը: Զինուած անձեր, անոր մօրը ինքնաշարժը կանգնեցնելով, զայն տարած են անորոշ ուղղութեամբ: Անոնք պահանջած են 8 հազար ամերիկեան տոլարի փրկագին: Բայց  այդ գումարը ստանալէ ետք, այս անգամ պահանջած են` 41 հազար ամերիկեան տոլար: 21 տարեկան Քալու, որ 2018-էն ի վեր հանդէս կու...

Թուրքիոյ Մէջ Ֆութպոլիստ Մը Ածելիով Մտաւ Դաշտ Եւ Վնաս Հասցուց Մրցակից Կազմի Խաղացողներուն

Սարսափելի միջադէպ տեղի ունեցած է վերջերս  Թուրքիոյ ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան Ամետսփոր - Սաքարիասփոր մրցումին ընթացքին: Ամետսփորի ֆութպոլիստ Մանսուր Չալար իրեն հետ աննկատ սուր ածելի մը դաշտ մտցուցած է, եւ մրցակից կազմին մարզիկներուն հետ ձեռնուելու պահուն` մրցումէն առաջ, վնաս հասցուցած է մրցակիցներուն: Վնասուածք ստացած մարզիկները անմիջապէս չեն զգացած ածելիին հարուածները, սակայն աւելի ուշ իրենց մարմնին զանազան մասերուն արիւնոտած վնասուածքներուն լուսանկարները...

«Էն. Պի. Էյ.».  Ռոնտօ Թրիփըլ-Տապըլ Մը Իրագործեց, Բայց Լէյքըրզ Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.». Ռոնտօ Թրիփըլ-Տապըլ Մը Իրագործեց, Բայց Լէյքըրզ Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներուն Լոս Անճելըս քաղաքի տերպին աւարտեցաւ Քլիփըրզի յաղթանակով, վերջինս 113-105 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լէյքըրզը: Վերջինիս յոյսերը` փլէյ-օֆին մասնակցելու, այսպիսով եղան քիչ մը դժուար: Ռախոն Ռոնտօ Լէյքըրզէն Ռախոն Ռոնտօ թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (24 կէտ, 10 ռիպաունտ, 12 էսիսթ), մինչ անոր խմբակից Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 27 կէտ: Միլուոքի Պաքս, որ ցարդ միակ խումբն...

Եոաքիմ Լոյեւ. «Հիւմելս, Միւլըր Եւ Պոաթենկ Այսուհետեւ Պիտի Չհրաւիրուին Ազգային Հաւաքական»

Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մէջ տեղի պիտի ունենան լուրջ փոփոխութիւններ: Ազգային խումբի մարզիչ Եոաքիմ Լոյեւ երէկ յայտնեց, որ այսուհետեւ Մաթց Հիւմելս, Թոմաս Մէօլըր եւ Ժըրոմ Պոաթենկ պիտի չհրաւիրուին ազգային խումբ:  

Ա. Սէ. Միլան Եւ Ինթեր Միլան Նոր Մարզադաշտ Մը Կրնան Կառուցել

Ըստ «Լա-Ռեփիւպլիքա»-ին, Միլանոյի ղեկավարութիւնը քաղաքի ղեկավարութենէն թոյլտուութիւն ստացած է նոր մարզադաշտ մը կառուցելու համար: Կը նախատեսուի, որ անիկա կարենայ հիւրընկալել 60 հազար հանդիսատես եւ անոր կառուցման ծախսը կը գնահատուի 600 միլիոն եւրոյով: Այս դաշտի կառուցման պարագային, «Սան Սիրօ» մարզադաշտը պիտի քանդուի: Եթէ Ինթեր Միլան այս գծով իր հաւանութիւնը տայ, նոր մարզադաշտը շատ հաւանաբար պատրաստ պիտի ըլլայ 2023-ին:  

Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին.  ՀՄԸՄ Խստօրէն Քննադատեց Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութեան Նոր Որդեգրած Օրէնքը

Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին. ՀՄԸՄ Խստօրէն Քննադատեց Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութեան Նոր Որդեգրած Օրէնքը

Երէկ` երկուշաբթի, 4 մարտին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, ՀՄԸՄ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին խստօրէն քննադատեց Արեւմտեան Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան նոր որդեգրուելիք օրէնքը, որ տեղի պիտի ունենայ 10-14 մարտին, Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ: Անոր ներկայ գտնուեցան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի, ֆետերասիոնի անդամ Ճորճ Սապունճեան, փաստաբան Շատի Սաատ, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի յանձնախումբին ատենապետ Կի Մանուկեան եւ մարզական...

Պասքեթպոլ. Ղազի Պուսթանի Վաղը Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ, Լիբանանի ազգային խումբերու յանձնախումբի նախագահ Ղազի Պուսթանի վաղը` չորեքշաբթի, 6 մարտին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մէջ (Ժալ էլ Տիպ) պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` ներկայութեամբ ֆետերասիոնին անդամներուն:

Լիբանանի Թենիսի  Ֆետերասիոնի Մասնակի Ընտրութիւններ

Թենիս. Լիբանանի Տղոց Եւ Աղջկանց 14 Տարեկանէն Վար Ազգային Խումբերը Ապահովեցին Ասիոյ Ախոյեանութեան Իրենց Տոմսերը

Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանի տղոց եւ աղջկանց 14 տարեկանէն վար ազգային խումբերը բաւական կարեւոր իրագործում մը կատարեցին` ապահովելով Ասիոյ ախոյեանութեան իրենց տոմսերը: Տղոց կազմը հասաւ աւարտականին, բայց պարտուեցաւ Ղազախստանէն (3-0): Նոյնը եղաւ պարագան աղջկանց կազմին համար, որ դարձեալ պարտուեցաւ Ղազախստանէն (2-1): Ասիոյ ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ այս ամսուան վերջաւորութեան, Մալեզիոյ մէջ:

Քասլիքի Ս. Հոգի Համալսարանի Խաղեր

Քասլիքի Ս. Հոգի Համալսարանի Խաղեր

- Փինկ Փոնկի Մրցումները Աւարտեցան - Կիրակի, 10 Մարտին Կ՛աւարտին Ֆութպոլի Եւ Պասքեթպոլի Մրցումները Քասլիքի Ս. հոգի համալսարանի 2-րդ խաղերը, որոնք կազմակերպուած են «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան կողմէ, գրեթէ հասած են իրենց աւարտին` նկատի ունենալով, որ նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցան փինկ փոնկի մրցումները, մինչ կիրակի, 10 մարտին կ՛աւարտին ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցումները: Փինկ փոնկի մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 90 երկսեռ մարզիկներ` աւելի...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ռէալ Մատրիտ – Այաքս Ամսթերտամ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր կը կատարուին երկու հանդիպումներ: Վաղուան յայտագիրին վրայ եւս կան երկու մրցումներ: Պորուսիա Տորթմունտ այսօր կը հիւրընկալէ Թոթենհամը, մինչ Ռէալ Մատրիտ` Այաքս Ամսթերտամը: Երկու մրցումներուն ալ ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Երթին Ռէալ Մատրիտ Հոլանտայի մէջ արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, մինչ Պորուսիա Տորթմունտ Անգլիոյ մէջ կրեց 3-0...

Page 728 of 1279 1 … 727 728 729 … 1,279

Արխիւներ