Նախորդ շաբաթավերջին, ձմեռնային դադարէն ետք, վերսկսան Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան Բ. բաժինի մրցումները` 20-րդ հանգրուանի հանդիպումներով:
Շիրակ, Գիւմրիի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, կոլազուրկ հաւասարութիւն մը արձանագրեց Վանաձորի Լոռիին հետ, իսկ Բանանց եւ Արցախ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեցին իրարու հետ` Փիւնիկի մարզադպրոցին մէջ կատարուած մրցումին:
Արարատ – Արմենիա 4-1 արդիւնքով յաղթեց Արարատին, մինչ Ալաշկերտ իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Փիւնիկէն:
Այս հանգրուանէն ետք, Բանանց եւ Փիւնիկ 30-ական կէտով կը բաժնեն 2-3-րդ դիրքերը` 3 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքը գրաւող Ալաշկերտէն:
Չորրորդ դիրքին վրայ գտնուող Արարատ – Արմենիա ունի 29 կէտ, Լոռի` 26, Շիրակ` 23, Գանձասար – Կապան` 22, իսկ Արցախ եւ Արարատ 13-ական կէտով կ՛եզրափակեն դասաւորման վերջին երկու դիրքերը:



