Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը («ՖԻՏԷ»), երէկ հրապարակեց աշխարհի միջազգային նոր դասաւորումը, ուր պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն` իր տրամադրութեան տակ ունենալով վարկանիշային 2845 կէտ:
Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, 2 դիրքի նահանջ մը արձանագրելով, այժմ կը գրաւէ 12-րդ դիրքը (2761):
Լաւագոյն հարիւրին մէջ է Հայաստանի հաւաքականին մաս կազմող Գաբրիէլ Սարգսեան, որ կը գտնուի 52-րդ դիրքին վրայ (2689):
Քարլսընի ետին 2-րդ դիրքին վրայ է ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանօ (2828), մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Տին Լիրեն (Չինաստան, 2812):



